2013-10-09 12:56:43

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի` Արժանթինայի նախագահին ուղղած հեռագիրը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հեռագիր մը ուղղած է Արժանթինի նախագահ` Տիկ Քրիսթինա Ֆերնանտեզ տը Քիրչնըրի որուն մէջ անոր մաղթած է ''շուտափոյթ առողջութիւն'', վստահեցնելով իր աղօթքները։
Մարիամ Աստուածածին` Լուեանի Տիրամօրմէ կը խնդրեմ - գրած է Նորին Սրբութիւնը - որ բարձր պահէ յոյսի նշոյլը, որպէսզի շուտով կարենաք վերադառնալ ձեր առօրեայ գործունէութեան։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկելով ''այս դժուար պահերուն'' մօտիկութիւն յայտնած է նաեւ նախագահի ընտանեկան պարագաներուն ու Տիրոջմէ խնդրած է նաեւ որ լուսաւորէ բժշկական անձնակազմի աշխատանքը։
''Թող Յիսուս ձեզ օրհնէ եւ Տիրամայրը ձեզի ըլլայ առաջնորդ''։ Գրած է Սրբազան Հայրը իր հեռագիրը եզրափակելով ու ապա ստորագրած`''Սիրով, Ֆրանչիսկոս Պապ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.